Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Ճգնաժամային ամսաթիւը այս տարի ալ յաղթահարուեցու, կը գրէ «Միլլիէթ» պարբերականի յօդուածագիր Սամի Քոհենը` նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի` Ապրիլ 24-ի ետեւ մնալը:

Անոր համոզումով` ինչպէս եւ կ'ենթադրուէր, այս տարի Թուրքիոյ դէմ թշնամական դրսեւորումներ եղան: Որպէս օրինակ` հեղինակը կը նշէ Հռոմի պապէն մինչեւ Ռ.Դ.-ի նախագահ Վլատիմիր Փութինի նման առաջնորդներու, Աւստրիոյ խորհրդարանէն մինչեւ Եւրոպայի խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Յօդուածագիրը կը նշէ, որ ասկէ ետք Թուրքիան պէտք է փոխէ ռազմավարութիւնը` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ սկսելու հարցով:

«Ամէն տարի կրկնուող ապրիլքսանչորսեան վերքէն ազատելու համար այդ հարցով աւելի նոր եւ ընդգրկուն ռազմավարութիւն պէտք է ստեղծել:

Մինչ այժմ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնն ու արտայայտած տեսակէտները արդիւնք չեն տուած, հակառակը, այլ երկիրներու` որոնց շարքին Թուրքիոյ բարեկամներու հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը ակնյայտ դարձած է»,- կը գրէ յօդուածագիրը` ընդգծելով, որ այս Ապրիլ 24-էն ետք Անգարան այդ ուղղութեամբ քայլեր պէտք է ձեռնարկէ:

Քոհենի խօսքով` իրականութեան մէջ 2008 թուականին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Զիւրիխի մէջ ստորագրուած երկու արձանագրութիւնները Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ապահովող «ճանապարհային քարտէզ» էին: Ատով Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի ստեղծուէին, սահմանը պիտի բացուէր, երկու երկիրները Ցեղասպանութեան հարցի շուրջ համատեղ աշխատանքներ պիտի ձեռնարկէին:

Սակայն, ցաւօք, այդ այս արձանագրութիւնները խորհրդարանին կողմէ վաւերացուելու փուլին չհասած` առկախուեցան: Եւ ատոր հիմնական պատճառը Ատրպէյճանէն եկած արձագանգն էր:

«Այժմ թրքական դիւանագիութիւնը Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով չի՞ կրնար քայլ ձեռնարկել: Սահմանի, դեսպանատուներու բացումը շատ բան կրնայ փոխել: Միայն երկու երկիրներու համար չէ, միեւնոյն ժամանակ նաեւ Ատրպէյճանի համար:

Թուրքիան Պաքուն չնեղացնելու համար Երեւանի հետ յարաբերութիւններ չսկսելով` Ղարաբաղի հարցին օգուտ չի տար: ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը այդ գործը տարիներ շարունակ չի կրնար գլուխ բերել: Սակայն Անգարան Երեւանի հետ յարաբերութիւններ եթէ ունենայ, ատիկա Պաքուի օգտին դերակատարութիւն կրնայ ունենալ:

Այդ հարցին շուրջ ատրպէյճանցիներու զգայունութիւնը յայտնի է: Սակայն Թուրքիան դրացի պետութիւնը համոզելու համար քայլեր պէտք է ձեռնարկէ, եւ այդ առումով կրնայ յաջողութեան հասնիլ: Ատոր արդիւնքը իշահ բոլորին կ'ըլլայ»,- կը գրէ յօդուածագիրը: